2012-08-13 11:43:30

Շրջուն Ցուցահանդէս` Ծանօթանալու Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Կարեւոր Սկզբնաղբիւրներու:


Լիբանանի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ, տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին միջազգային մամուլի անդրադարձներու եւ սքանտինաւեան արխիւներու շրջուն ցուցահանդէսին բացումը:
Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի երիտասարդական մարմինին եւ կը հովանաւորուի Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ։
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի երիտասարդական մարմինին խօսքը փոխանցեց Արամ Քարատաղլեան, որ նշեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը մնայուն կերպով եղած է հայկական եւ արտասահմանեան մամուլին ուշադրութեան կեդրոնը:
«Մամլոյ անդրադարձներն ու հրապարակումները կարեւոր սկզբնաղբիւր հանդիսացան Հայոց Ցեղասպանութեան հետ առնչուող հիմնահարցերու լուսաբանումին համար: Ուշագրաւ են յատկապէս անգլիական, ռուսական, ֆրանսական, ամերիկեան եւ այլ երկիրներու մամլոյ հրապարակումները, որոնք կ՛անդրադառնան համիտեան կոտորածներուն, Ատանայի արհաւիրքին եւ 1915-1922-ի ցեղասպանութեան»,- ըսաւ ան:
Ա. Քարատաղլեան նշեց, որ հետաքրքրական են մամլոյ այն հրապարակումները, որոնք Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը պիտի ներկայացնեն իրենց առաջին էջերուն վրայ:
«Միջազգային մամուլի անդրադարձներուն կողքին, նաեւ սքանտինաւեան երկիրները կատարեցին մամլոյ հրապարակումներ»,- ըսաւ Ա. Քարատաղլեան:
Հայոց Ցեղասպանութեան մասին միջազգային մամուլին անդրադարձին եւ սքանտինաւեան արխիւներուն առումով իր կատարած անդրադարձին մէջ Ա. Քարատաղլեան ըսաւ,- «Օսմանեան կայսրութեան մէջ հաւատարմագրուած շուէտացի, դանիացի, նորվեկիացի դիւանագէտներ, միսիոնարներ, նպաստամատոյց կազմակերպութեան աշխատողներ, ինչպէս նաեւ Սքանտինաւիոյ մէջ գտնուող բազմաթիւ անհատներ, գրողներ, եկեղեցականներ, լրագրողներ եւ նոյնիսկ աշակերտներ կը նպաստէին Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ուսումնասիրութիւններ կատարելու` մարդասիրական օժանդակութիւն ցուցաբերելու համար»:
Իր խօսքին վերջին բաժինով, ան շեշտեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի երիտասարդական մարմինին կազմակերպած այս ցուցահանդէսը կը նպաստէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին օտար սկզբնաղբիւրներու ծանօթացման եւ տարածման կարեւոր գործին:
Գեղարուեստական յայտագիրին շրջագիծին մէջ ասմունքով հանդէս եկաւ Թուխիկ Աւետիսեան, տուտուկով ելոյթ ունեցան Յակոբ եւ Սերօ – Աւօ Քելուկեաններ:
Գեղարուեստական յայտագիրին փակումը կատարեց Նոր սերունդ մշակութային միութեան «Արեգ» պարախումբը` հայկական աւանդական պարով:
Շրջուն ցուցահանդէսը առիթ հանդիսացաւ, որ լիբանանահայ երիտասարդները ծանօթանան Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթին անդրադարձող շատ կարեւոր միջազգային աղբիւրներու:








All the contents on this site are copyrighted ©.